ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։ «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» անուանումներով համահայկական մրցաշարքին մասնակցած պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց մասնակցութեան եւ կեցութեան օրերու մանրամասնութիւններուն շուրջ՝ արժանանալով անոր օրհնութեան։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական խաղերու արդիւնքին Իսթանպուլի վոլէյպոլի կանանց խումբը 2-րդ հանդիսացաւ իր դասաւորման մէջ։ Ըստ էութեան, խումբ մը վարչայիններէ եւ մարզիկներէ բաղկացեալ երէկուան խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց մեր համայնքին կողմէ Համահայկական խաղերուն բերուած մասնակցութեան համար։ Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Հարկ է աւելցնել, որ թրքահայ համայնքէն բաւական բազմանդամ պատուիրակութիւն մը մասնակցութիւն բերաւ Համահայկական խաղերուն, սակայն արդիւնքները համահունչ չեղան։ Այս հանգամանքը թէեւ այդքան ալ էական չէ, որովհետեւ Համահայկական խաղերու ոգին առաջին հերթին համայնքի ներկայացման եւ երիտասարդներու համախմբման կը վերաբերի, սակայն, այս վերջին Համահայկական խաղերուն եւս թրքահայ մարզիկները, դժբախտաբար, անմասն չմնացին կռիւներէ եւ նման տհաճութիւններէ, որոնք մեր մարզասէրներուն ցաւ պատճառեցին՝ անկախ իրենց պատճառներէն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023