ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄՈՒՐԱՏ ՔԷՅԻՇՕՂԼՈՒԻ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մուրատ Քէյիշօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։

Մուրատ Քէյիշօղլուի յանկարծական մահը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքէն՝ մասնաւորաբար պոլսահայ սանուց միութիւններու շրջանակներէն ներս։ Ան Գարակէօզեան տան սաներէն էր ու կեանքին տեւողութեան այդ հաստատութեան նկատմամբ տածած երախտագիտութիւնը հատուցած էր մաս կազմելով համանուն սանուց միութեան գործունէութեան։ Իր համեստ, բոլորին նկատմամբ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ծաւալած այդ հետեւողական աշխատանքով յաջողած էր գրաւել մարդոց սիրտը։ Որպէս ելեկտրագործ՝ իր վարպետութիւնն ալ նոյն պատրաստակամութեամբ ի սպաս կը դնէր բոլորին համար։ Այս բոլորին հանրագումարը եղած էր, որ Մուրատ Քէյիշօղլուի շուրջ սիրելիներու եւ համակիրներու մեծ ցանց մը հիւսուած էր տարիներու ընթացքին։

Այս բոլորէն վերջ, իր անակնկալ կորուստին առթած ցաւը յորդած էր հարազատներու եւ ընտանիքի սահմաններէն. բան մը, որուն ապացոյցը եղաւ երէկուան յուղարկաւորութեան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ համախմբուած էին հոծ թիւով սգաւորներ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին եկեղեցին։ Հանդիսադիր հայր սուրբին եւ զինքը շրջապատած հոգեւոր հայրերուն հետ, բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին հանգուցեալի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Յուղարկաւորները լուսահոգի Մուրատ Քէյիշօղլուի բարոյական ներկայութեան առջեւ բերին իրենց վերջին խոնարհումը՝ գիտակցելով, որ անոր բարի եւ ազնիւ յիշատակը պիտի մնայ անթառամ։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ազգային-եկեղեցական կեանքի ապրումներուն մէջ թէեւ յաճախ բոլորին ուշադրութիւնը կը շեղի այլ ուղղութիւններու վրայ, սակայն, նման ցաւալի առիթները միշտ կու գան յիշեցնել, որ Մուրատ Քէյիշօղլուի նման առաքինի մարդոց կերպարը, ըստ էութեան, մղիչ ուժը կ՚ըլլայ ամէն ինչին։ Ան տարիներ շարունակ վարուած էր շարքային անհատի մը նման, սակայն իր իւրացուցած արժեհամակարգը տարրական գործօն մըն է մեր հաւաքական կեանքի առողջ ընթացքին տեսակէտէ։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկուան դամբանականին մէջ խորհրդանշական պատկերներու դիպաշարով մը, դիպուկ արտայայտութիւններով ամփոփեց հանգուցեալ Մուրատ Քէյիշօղլուի մարմնաւորած կերպարը, անոր կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց ողբացեալին կողմէ թէ՛ Գարակէօզեան սանուց միութեան եւ թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բերուած նպաստը՝ մանաւանդ, որ իր դուստրը՝ Աննա Քէյիշօղլու երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ թերթիս ընտանիքին։ Դամբանախօս հայր սուրբը յուղարկաւորներուն վշտակցութիւններ փոխանցեց նաեւ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մաղթեց, որ բարձրեալն Աստուած երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ հանգուցեալի հոգին։

Յուղարկաւորութեան ընթացքին հանգուցեալի հարազատներուն ցաւակից եղան Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու եւ գործակից ընկերները, նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ներկայացուցիչները։

Այս տխուր հրաժեշտէն վերջ, նորոգ հանգուցեալ Մուրատ Քէյիշօղլուին մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք լուսահոգի Մուրատ Քէյիշօղլուի այրիին՝ Ազնիւ Քէյիշօղլուին, դստեր՝ մեր սիրելի ընկերուհի Աննա Քէյիշօղլուին, որդւոյն՝ Առնոն եւ Կիւնէշ Քէյիշօղլուներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2023