«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Բարեկամ» խումբի անդամները՝ առաջնորդութեամբ Աւետիս Սէյրանի։
Խումբի վարիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին։ Անոնք ապա յայտնեցին, որ ներկայ տարին միութեան հիմնադրութեան 4-րդ տարիին կը զուգադիպի, ուստի որոշած են այս հանգրուանը նշել նախաձեռնութեամբ մը։ Այս առթիւ անոնք յառաջիկայ դեկտեմբերի 1-ին նախատեսուած տարեդարձի հաւաքոյթին համար խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, գնահատեց խումբի աշխատանքները եւ արձանագրուած յաջողութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ ծրագիրներուն մասին։