ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան Տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Ամանորի խրախճանք մը՝ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները։ Դպրոցի կրթական մշակներ եւ գիշերօթիկ սաներ համախմբուեցան տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած տօնական սեղաններուն շուրջ։ Շատ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանքը, որու ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ հաստատութեան խումբ մը բարերարները, որոնց որպէս ամանորեան նուէր յանձնուեցան աշակերտներու ձեռագործները։
Խրախճանքի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ Կաղանդ պապուկի սրահ ժամանելով։ Ան նուէրներ բաժնեց գալֆաեանցիներուն, որոնք ապրեցան մեծ ուրախութիւն։
Այսպէսով Գալֆաեանի ընտանիքը ուրախութիւնը ունեցաւ Նոր տարին միասնաբար դիմաւորելու եւ աւարտին բոլորը հրաժեշտ առին փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։