ՇԻՇԼԻԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը ներկայիս կը շարունակուի թափով։ Ակումբի կազմակերպած ձմրան դասընթացքներուն կը մասնակցի 450 հոգի։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ Շիշլիի թիւով 130 զանազան ճիւղերու մարզիկները, որոնք մաս կը կազմեն վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի խումբերուն։ Դասընթացքներուն մասնակից մարզիկներու շարքին խոստմնալիցները կը ներգրաւուին Շիշլիի զանազան մակարդակի կամ դասաւորման խումբերուն մէջ։ Վերջին շրջանին, երկարատեւ աշխատանքէ մը վերջ, Շիշլի վոլէյպոլի մէջ կազմեց փոքր աղջիկներու խումբը։ Վարչութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր ջանքեր կը գործադրէր այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ Այժմ, փոքր աղջիկներու խումբը արդէն սկսած է մասնակցիլ այն մրցաշարքերուն, որոնք կը կազմակերպուին Թուրքիոյ վոլէյպոլի դաշնակցութեան կողմէ։
Ճատրակի մէջ ալ Շիշլի յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ կայուն թափով։ Իսթանպուլի փոքրերու առաջնութեան մասնակցելու իրաւունք շահեցան չորս շիշլիցիներ՝ Լուքաս Տեմիրճի, Տեմիր Տեմիրքըր, Ատար Թարհան եւ Սըլա Քայա։ Իսթապուլի աստղերու առաջնութեան մէջ ալ շիշլիցիները ունեցած են փայլուն արդիւնքներ։ Լարա Պաշփընար եղած է առաջին, իսկ Էզկի Տեմիրսոյ՝ չորրորդ։ Իսթանպուլի առաջնութեան մէջ ալ նոյնպէս շիշլիցիները ապահոված են ուշագրաւ արդիւնքներ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024