ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Շահին Տօնիկեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ հանգուցեալը հայրն է Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ իր կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Երէկուան յուղարկաւորութեան առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան հոծ թիւով սգաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու ողբացեալին նկատմամբ, նաեւ վշտակցելու տիրամայր Նուարդ Տօնիկեանին, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանին եւ իրենց հարազատներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր հայրերը, մեր քահանայից դասուն անդամները, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան մասնակցեցան յուղարկաւորութեան տխուր կարգին, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։
Արարողութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Շահին Տօնիկեանի դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն եւ փոխադրուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատունը, ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Այս տխուր առթիւ կրկին կը վշտակցինք տիրամայր Նուարդ Տօնիկեանին, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։