ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րա­յի։ Թա­ղա­կան­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան։

Այս տա­րի Ապ­րի­լի 3-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան։ Այս առ­թիւ ա­նոնք խնդրե­ցին, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հո­վա­նա­ւո­րէ ա­ւան­դա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը։ Ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­թեր, թա­ղա­կան­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին կարգ մը կա­րե­ւոր վար­չա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ։ Այս­պէս, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ներ­կա­յիս մտադ­րու­թիւն­ներ ու­նի նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ եւ կը նա­խա­տե­սուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին աշ­խա­տանք տա­նիլ այս ուղ­ղու­թեամբ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն լսած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ, Տէր Հօր եւ թա­ղա­կան­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւ­նը, նաեւ յղեց յա­ջո­ղու­թեան ու կա­րո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016