Ս. ԶԱՏԻԿԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ սի­րով կը դի­մա­ւո­րէր զատ­կուան իր յա­տուկ հիւ­րե­րը: Բե­մին վրայ ճու­տիկ­ներ, նա­պաս­տակ­ներ, ստեպ­ղին­ներ եւ գոյնզ­գոյն հաւ­կիթ­ներ ի­րենց ար­տա­կարգ գրաւ­չու­թեամբ աչք կը քթթէին հան­դի­սա­կան­նե­րուն:

Եւ սկիզբ ա­ռաւ հան­դէ­սը: Տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով: Ա­նոնք նախ  ի­րենց գոյնզ­գոյն զգեստ­նե­րուն մէջ կա­տա­րե­ցին Ս. Զատ­կի ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ եւ եր­գե­ցին զատ­կուան գողտ­րիկ եր­գեր թէ՛  հա­յե­րէ­նով, թէ անգ­լե­րէ­նով: Ա­պա  սկսաւ հո­յա­կապ պա­րե­րու շարք մը: Կա­յին մե­ղու­նե­րու, թի­թեռ­նիկ­նե­րու, հա­ւե­րու, աք­լոր­նե­րու եւ ճու­տիկ­նե­րու պա­րե­րը: Այս սի­րուն պա­րե­րը, ո­րոնց հե­րոս­ներն էին դար­ձեալ բնու­թեան ա­մե­նա­սի­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, կ՚ա­ւե­տէին գա­րու­նը իր ամ­բողջ կեն­սու­նա­կու­թեամբ:

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կը: Ան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն այս մեծ տօ­նը եւ շ­­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նի ժրա­ջան ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­ներ՝ Ար­շա­լոյս Ուն­ճուի, Սի­պիլ Ա­ւա­գօղ­լուի, Ռե­հան Եա­ղեա­զա­նի, Տա­լի­լա Պաք­քա­լօղ­լուի, Մե­լի­սա Ի­փէք­լիի, Մա­րալ Կիւլ­պայ­ծա­ռի, Մի­րել­լա Կիւ­լէ­րի, ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Շու­շան Գա­լա­թա­շի եւ անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Ի­լո­նա Քիւ­չիւք­րէի­սեա­նի և Բո­լին Մա­վու­նա­ճըի, ո­րոնք միաս­նա­բար պատ­րաս­տած էին սոյն հան­դէ­սը: Իսկ պա­րա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն բծախնդ­րօ­րէն հսկած էր վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ռե­հան Եա­ղեա­զան:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Շիշ­լի գա­ւա­ռա­կի կրթա­կան օգ­նա­կան տնօ­րէն­նե­րէն Էր­թան Տե­միր­թաշ եւ Հիւ­սէ­յին Էօզ­ճան­լար, ո­րոնք նոյն­պէս Մխի­թա­րեան ըն­տա­նի­քին փո­խան­ցե­ցին այս ի­մաս­տա­լից տօ­նի առ­թիւ ի­րենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը:

Շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ ետք տղա­քը բարձ­րա­ցան ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը, բազ­մե­լու հա­մար ի­րենց հա­մար սար­քուած սե­ղան­նե­րու շուրջ եւ սկ­­սաւ հաւկ­թա­մար­տը: Զատ­կի սե­ղա­նին վրայ տեղ գրա­ւած էին նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րուն ի­րենց փոք­րիկ թա­թիկ­նե­րով պատ­րաս­տած ա­նու­շե­ղէն­նե­րը: Մխի­թա­րեան Հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան փոք­րիկ­նե­րուն նուի­րե­ցին տուր­մէ նա­պաս­տակ­ներ: Իսկ վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միւ­թիւն­նե­րը տղա­քը եւ ծ­­նող­նե­րը հիւ­րա­սի­րե­ցին Զատ­կի խմո­րե­ղէն­նե­րով: Կե­րու­խու­մէն ետք փոք­րիկ­նե­րը փու­թա­ցին պար­տէզ, ուր պի­տի կա­տա­րուէր հաւկ­թոր­սը: Զատ­կի նա­պաս­տա­կը՝ Նա­պի­կը նա­խա­պէս պար­տէ­զի խո­տե­րուն, ծա­ռե­րուն, կա­նա­չու­թիւն­նե­րուն մէջ պա­հած էր գու­նա­ւոր հաւ­կիթ­ներ: Տղա­քը մեծ ու­շադ­րու­թեամբ հա­ւա­քե­ցին հաւ­կիթ­նե­րը եւ զա­նոնք զե­տե­ղե­ցին ի­րենց կո­ղով­նե­րուն մէջ:

Այս­պէս՝ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան տօ­նը ան­գամ մը եւս ի­րեն վա­յել շքե­ղու­թեամբ տօ­նուե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ, իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով փոք­րիկ­նե­րը, ծնող­նե­րը եւ ա­նոնց սրտե­րուն մէջ ար­ծար­ծե­լով սի­րոյ եւ ու­րա­խու­թեան բա­րի զգա­ցում­նե­րը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016