ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒ. «ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ»

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վերջին վճռին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, դատարանի վճիռով անվաւեր ճանաչուած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած երկու շրջաբերականները։ Անոնցմէ 2013 թուականին հրապարակուածով ջնջուած էր ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւններու կանոնադրութիւնը։ Գործադիր իշխանութիւններու հիմնաւորումը եղած էր այն, որ նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութեան ձեռնարկուած էր եւ մինչեւ այդ աշխատանքի աւարտը պիտի առկախուէին ընտրութիւնները։ Աւելի վերջ, 2019 թուականին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը նոր շրջաբերականով մը՝ որպէս միջանկեալ կարգադրութիւն, գետին պատրաստած էր, որպէսզի փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմինները համալրուին նշանակովի անդամներով։ Այս բոլոր վիճելի կարգադրութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր խնդրայարոյց կացութիւն ստեղծած են ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կեանքէն ներս։ Անոնց բոլորն ալ թէ՛ կառավարական պաշտօնատարներու նկատառման յանձնած են խնդիրը եւ թէ իրաւական, օրինական գետնի վրայ պայքարի ձեռնարկած են։ Թրքահայ համայնքային շրջանակներն ալ նոյն հարցով դատարան դիմած են իրաւաբաններ Սեդրակ Տավութհան եւ Սեպուհ Ասլանկիլ։ Ներկայ վճիռը դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած է՝ անոնց կողմէ բացուած դատի հիման վրայ։

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իրաւունք ունի այս վճռի բեկանման պահանջով Վերաքննիչ ատեան դիմելու։ Թէ մինչ այդ հնարաւո՞ր է ներկայ վճռի հիման վրայ շարժման անցնիլ, թէ ոչ տակաւին սպասման շրջան մը կը գտնուի գործնական քայլեր առնելու համար… Այս եւ նման հարցումներ ներկայիս կը շարունակեն օրակարգը զբաղեցնել եւ, բնականաբար, կան զանազան մեկնաբանութիւններ։

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վճռին կապակցութեամբ շօշափեցինք տեսակէտը յայտնի իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի, որ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու խնդիրներուն քաջատեղեակ է եւ հեղինակութիւն մը կը համարուի այդ գծով։ Ալի Էլպէյօղլու համոզուած է, որ այդ դատավճիռով ընտրութիւններու ճանապարհը բացուած է։ Իր համոզմամբ, փոքրամասնական վաքըֆներու մատակարար մարմինները այժմ կրնան ընտրութեան ձեռնարկելու համար որոշում առնել եւ համապատասխան նախաձեռնութիւնով հանդէս գալ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ մեզի ներկայացուած ամփոփ խորհրդածութեան թրքերէն բնագիրը։

*

Bilindiği üzere Vakıflar Yönetmeliği’nde cemaat vakıflarının seçim usullerine ilişkin hükümler 2013 yılında kaldırılmış ve yeni hükümler de henüz düzenlenmemiş olduğundan cemaat vakıfları yaklaşık sekiz yıldır yönetim kurulu seçimlerini yapamıyordu. Ayrıca bu süreç içerisinde 2019 yılında ölüm, istifa vesair nedenlerle boşalmış üyeliklerin doldurulması amacıyla mevcut yönetimlere atama yoluyla yönetici belirleme yetkisi verilmişti. Basından ve kamuoyundan yansıyan bilgilere göre Ankara 7. İdare Mahkemesi, cemaat vakıflarının seçimlerini ilga eden genelge ile mevcut yönetimlere yönetici atama yetkisi veren genelgenin hukuka aykırı olduğunu tespit ederek, söz konusu genelgelerin iptaline hükmetti.

5737 sayılı Vakıflar Kanunu’nun 6/3 maddesi “Cemaat vakıflarının yöneticileri mensuplarınca kendi aralarından seçilir. Vakıf yöneticilerinin seçim usul ve esasları yönetmelikle düzenlenir.” şeklindedir. Bu hüküm, amir hükümdür. Cemaat vakıflarının yöneticileri sadece seçimlerle belirlenebilir. Yönetim kurullarının kendilerinden sonraki yöneticileri tayin etmesi vakıflar kanununa aykırıdır. Sadece kanuna değil, cemaatlerin kadim gelenekleri ve teamüllerine de taban tabana zıt bir uygulama… Ayrıca seçimle ilgili yeni yönetmelik hükümleriyle ilgili bir çalışma hâlihazırda yürütülmekte iken eski hükümler ile seçimlerin yapılmasına anayasal ve yasal olarak engel teşkil etmiyordu. Mevzuat yapıcılığın en temel ve anlaşılır ilkesi yeni bir düzenleme gelmeden eski düzenlemenin yürürlükten kaldırılamayacağıdır. Seçimlerin uzunca bir süre yapılamaması nedeniyle, cemaat mensupları kurumların ve cemaatin yönetimi üzerinde söz sahibi olamadı ve sonuç olarak cemaat mensuplarının seçme ve seçilme hakları ihlal edildi. Dolayısıyla Ankara 7. İdare Mahkemesinin söz konusu kararını son derece olumlu karşılıyor ve değerli buluyorum. Artık atama yoluyla yönetici belirlenmesi söz konusu olmayacaktır. En önemlisi de seçimlerin önü açılmıştır. Vakıf yönetim kurullarının, seçim kararı alıp Vakıflar Genel Müdürlüğü nezdinde girişimde bulunmalarının önünde herhangi bir engel olmadığı kanaatindeyim.

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021