ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ լարուածութիւնը այս տարուայ 24 Ապրիլին դարձած է այն հիմնական գործօնը, որ կը պայմանաւորէ Թուրքիոյ մէջ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը։ Այս առումով թրքահայութիւնն ալ փուշի վրայ է։ Համայնքային շրջանակները անհանգստացած են այն իրադարձութիւններով, որոնք եկած են զգայնութիւններ բորբոքել երկրէն ներս։ Այս մթնոլորտին մէջ «Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն։

«Մեր նախնիներու նուիրական յիշատակի կարգ մը երկիրներու կողմէ քաղաքական շահերու գործիք դարձուիլը յուզում կը պատճառէ մեզի», ըսած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հարցազրոյցին ժամանակ։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ արտասահմանի իրադարձութիւնները չեն նպաստեր երկու ժողովուրդներու մերձեցման եւ ընդհակառակն՝ թշնամական զգացումներու գրգռումով կը յապաղեցնեն հաշտութիւնը։

Իր կարգին, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ նշած է, որ 1915 թուականի դէպքերուն քաղաքական նպատակներով միջամուխ դարձած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը եւ այլ կարգ մը երկիրները հեռու կը համարէ բարեացակամ մօտեցումէ։

Ընկերային ցանցերու վրայ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնած է՝ 1915-ի դէպքերուն շուրջ կատարած յայտարարութեան համար, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։

«Անատոլու» գործակալութեան տրուած այս հարցազրոյցներուն առընթեր, Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ օրուայ երկրորդ կէսին հրապարակեցին 24 Ապրիլի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ կատարուած խորհրդածութիւնները։ Երկուշաբթիի մեր թիւով պիտի ներկայացնենք Նորին Ամենապատուութեան այս խօսքը։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021