ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին միջ­նա­կար­գը տուաւ իր 57-րդ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը։

Վար­ժա­րա­նին մէջ կազ­մա­կեր­պուած հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն զա­նա­զան ե­լոյթ­ներ։ Նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էին ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Նաժ­տա Տե­միր­ճիօղ­լու, Եու­սուֆ Տե­միր­թաշ եւ Մե­լի­սա Կիւն­տող­տու։ Տղոց խմբերգ­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Գա­րին Քիւ­չիւ­քօղ­լուի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ա­շա­կերտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով պատ­րաս­տուած էր նաեւ մեծ ցու­ցա­հան­դէս մը՝ Սում­րու Էք­շիօղ­լուի հսկո­ղու­թեամբ։

Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Հա­թի­ճէ Ա­տա­նըր հան­դէս ե­կան շնոր­հա­ւո­րու­թեան ե­լոյթ­նե­րով։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեանն ալ շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ յանձ­նե­լով նուէր­ներ։ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած էր յի­շա­տակ­ներ, զորս յանձ­նեց վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք։

Տղա­քը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հե­տե­ւե­ցան հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղա­կար­գին՝ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­փի մը մէջ։ Սա ա­նոնց հա­մար մե­ծա­գոյն քա­ջա­լե­րանքն էր՝ կրթա­կան կեան­քի նոր հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բի սե­մին։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին վար­ժա­րա­նի ծնող­նե­րուն կող­մէ բա­ցօ­թեայ սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեան սե­ղան­նե­րուն շուրջ շա­րու­նա­կուե­ցաւ ա­րա­մեան­ցի­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը։ Մինչ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը զուար­ճա­նա­յին՝ բո­լո­րը ա­նոնց փո­խան­ցե­ցին ա­պա­գայ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016