ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՏԱՐԻՒԼԱՃԵԶԷ»Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Տարիւլաճեզէ»ի նախագահ Համզա Ճէպէճին եւ ընկերակիցները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Համզա Ճէպէճիի ընկերակիցներէն էր մեր համայնքէն Ժագլին Քէօսէ, որ կամաւոր ծառայութիւն կը մատուցէ «Տարիւլաճեզէ»ի համար։

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը՝ ուրախութիւն յայտնելով անոնց այցելութեան բերումով։ Ան համոզուած է, թէ մարդասիրութիւնը բոլոր կրօններու հասարակաց եզրն է, ինչ որ աստուածսիրութեան պտուղը կը համարուի։ Այս ծիրէն ներս ան կարեւորեց բարեգործութիւնը, համապատասխան ոգիով հանդերձ։ Զրոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022