ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքին ամենաջերմ զգացումներուն։

Երէկուան հանդէսին ներկայ գտնուեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, խնամակալութեան անդամներ, տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, կրթական մշակներ, Գարակէօզեանի ընտանիքի կառոյցներէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Դպրոցը այս տարի ունի ութ շրջանաւարտ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Եամանի եւ Արարատ Չըթաքի։

Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան եւ տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց աւարտական դասարանի ուսուցչուհին՝ Մարի Արզուման։ Տղաքը հայերէնով, թրքերէնով, անգլերէնով եւ սպաներէնով հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին։

Հանդիսութեան տեւողութեան վարժարանի վաստակաւոր եւ բազմամեայ ուսուցչուհի Սրբուհի Հաֆիտուին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Հուսկ, վկայականներու եւ յուշանուէրներու յանձնումէն ետք ընթացաւարտ սաները հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն երգերով ոգեւորեցին հանդիսատեսները, ապա ծափողջոյններու ներքեւ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Ներկաներուն համար սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը:

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023