ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջին, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։ Հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Վոսփորի ափի այս եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն ու սատարողներուն համար։ Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, հոգեւոր հայրերը եւ բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Տիգրան Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց նորին սրբազնութեան, որ յանձն առած էր նախագահել եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017