ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ հրա­ժեշտ տուաւ իր նախ­կին բազ­մա­մեայ ու բազ­մա­վաս­տակ վի­ճա­կա­ւո­րին՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեա­նին։ Թէեւ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ, սա­կայն Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­հը վեր­ջին օ­րե­րուն մեծ ցաւ յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր թրքա­հայ շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Ե­րէկ, նո­րոգ հան­գու­ցեալ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին վշտակ­ցու­թիւն յայտ­նեց յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Գրի­գոր Պետ­րոս Ի.-ի ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գամն ալ ըն­թեր­ցեց Զմմա­ռի վան­քէն ժա­մա­նած Տ. Գէորգ Արք. Խա­զու­մեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին մի­ջոց մը ե­ղած էր նո­րոգ հան­գու­ցեալ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի ա­ջա­կի­ցը։

Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ յըն­թացս Ս. Պա­տա­րա­գի, զոր մա­տոյց Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ։ Ա­ռըն­թե­րա­կա­ներն էին՝ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Մագ. Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, ո­րոնք մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի կող­մէ մե­ծա­րուած էին։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը լե­ցու­ցած էր ե­կե­ղե­ցին, ո­րու ճիշդ կեդ­րո­նը՝ մա­հա­բե­մին վրայ զե­տե­ղուած էր Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի դա­գա­ղը։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­կա­լա­կան, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քիս կրօ­նա­կան բո­լոր յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թե­նէն ծա­նօթ դէմ­քեր, կրթա­կան մշակ­ներ եւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք փա­փա­քած էին ի­րենց վեր­ջին խո­նար­հու­մը բե­րել վախ­ճա­նեալ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։

Յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Զա­ւէն Ա­կա­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­սին կուռ դամ­բա­նա­կան մը խօ­սե­ցաւ Վի­ճա­կա­ւոր Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ դժուար շրջա­նի մը մէջ պաշ­տօն ստանձ­նած էր, իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­ներն ալ ե­ղած էին դժուար, սա­կայն ան յա­ջո­ղած էր հա­մախմ­բել իր հօ­տը։ Հա­կա­ռակ այդ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ան շատ սի­րուած էր բո­լո­րին կող­մէ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ դամ­բա­նա­կա­նին մէջ յատ­կա­պէս ընդգ­ծեց, թէ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ կրթու­թեան մար­զին մէջ տա­րած էր աշ­խա­տանք։ Ըստ ի­րեն, այ­սօր իր բո­լոր սա­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շեն վախ­ճա­նեալ Գե­րա­պայ­ծա­ռը։ «Ինք հի­մա վե­րա­դար­ձաւ իր Երկ­նա­ւոր Հօր», ը­սաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ, որ իր վշտակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց նաեւ հան­գու­ցեա­լի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։

Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի դամ­բա­նա­խօ­սու­թե­նէն վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցան Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի հա­սած ցա­ւակ­ցա­կան­նե­րը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի դա­գա­ղը ու­սամ­բարձ դուրս բե­րուե­ցաւ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Ա­ւե­լի վերջ թաղ­ման կար­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի հայ կա­թո­ղի­կէից գե­րեզ­մա­նա­տան հո­գե­ւո­րա­կա­նաց բաժ­նէն ներս։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016