«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՊԱՐԱՊՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը վերջերս աշխատանքի ձեռնարկած է՝ իր աշակերտներուն մարզանքով զբաղելու հնարաւորութիւն ընձեռելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, դպրոցի տնօրէնութիւնը շփման մէջ անցած է Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան հետ, որ պատրաստակամ վերաբերմունք ցոյց տուած է աշակերտներուն համար նոր հնարաւորութիւններ ընձեռելու առումով։ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ պատասխանատուներէն Նազար Կիւնալան վերջերս այցելեցին «Հրանդ Տինք» վարժարան, ուր մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան աշակերտներուն կողմէ։ Մարզակումբի ներկայացուցիչները շրջայց մը կատարեցին դասարաններուն մէջ, ուր տղաքը զիրենք ողջունեցին ասմունքներով։ Կարօ Համամճեան խորապէս տպաւորուեցաւ փոքրիկներէն եւ անոնց տեղեկութիւններ տուաւ Թաքսիմ մարզակումբի պատմութեան ու ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Ան ըսաւ, որ ֆութպոլի մէջ յաջողութեան հասնելու համար նախ պէտք է ստանալ լաւ ուսում, ինչ որ ապագայ լաւ մարզիկ մը դառնալու անհրաժեշտ նախադրեալն է։ Դպրոցի տղաքը բնականաբար իրենց աչքին առջեւ ունին Հենրիխ Մխիթարեանի օրինակը՝ քանի որ ան դարձած է աշխարհահռչակ խաղացող մը։ Այցելութեան ընթացքին դպրոցի պատասխանատուներն ալ հիւրերուն ներկայացուցին ընդհանուր պայմանները եւ ընդգծեցին, որ դժբախտաբար չունին պարտէզ մը։

«Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները յառաջիկայ շրջանին կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պարապմունքներուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017