ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին վարչայինները անդրադարձան միութեան ծաւալած գործունէութեան եւ այժմու ծրագրերուն։ Անոնք տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ 12 Նոյեմբերին յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն մը նախատեսուած է մարզակումբի հանգուցեալ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Յաջորդ օրն իսկ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը, որ պիտի համախմբէ միութեան համակիրները՝ զօրակցութիւն մը ապահովելու նպատակով։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ գնահատեց միութեան կողմէ տարուած աշխատանքը։ Իր խօսքերով՝ մեր երիտասարդները հայկական մթնոլորտի մէջ համախմբելու առումով կարեւոր ներդրում մը կը բերուի մարզակումբին կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը զրոյցի աւարտին մարզակումբի վարիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։