ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տատեան վարժարանէն հիւրեր։ Այսպէս, մեր այցելութեան փութացած էին դպրոցի աշակերտներէն Հրակ Չաքմաքճը եւ Նորա Իփեքճի, նաեւ ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճը եւ Երանուհի Պալճը։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տատեանի ընտանիքը Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար պատրաստած է ծրագիր մը։ Յառաջիկայ օրերուն այդ ծրագիրը փուլ առ փուլ կեանքի պիտի կոչուի՝ զանազան ձեռնարկներով։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին տատեանցիները մեզի ալ հրաւիրեցին այդ ձեռնարկներուն, նաեւ բացատրութիւններ տուին մշակուած նախագծին առընչութեամբ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք տատեանցիներուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018