ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին շաբաթավերջին հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան մը թատերաբեմը։ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի վերյիշման տօնին զուգադիպեցաւ թաղի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որու զուգահեռ յարակից վարժարանին ի նպաստ սարքուեցաւ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Եշիլգիւղի եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու կողմէ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Արապօղլուի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին ընդգծեց կեանքի մէջ համեստ ըլլալու կարեւորութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ վարժարանի ճաշարանին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց նորին սրբազնութիւնը, որու կողքին էին հայր սուրբն ու տէր հայրը։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու եւ նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն եւս ներկայ գտնուեցան այս հաւաքոյթին։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Աւագեան եւս պատուեցին սիրոյ սեղանը։ Համայնքային բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր եւս համախմբուած էին սիրոյ սեղաններուն շուրջ։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Անի Գալայլըի եւ Սէրլի Մայիսօղլուի։ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ դպրոցի կացութեան ու մասնաւորապէս կանգ առաւ նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ հարցերուն վրայ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգներով հանդէս եկաւ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որուն դաշնակով ընկերակցեցաւ տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Արթիւր Պաղտասարեանի ղեկավարութեամբ դպրոցի երգչախումբը խմբերգներ ալ ներկայացուց։ Ջերմ ծափահարութիւններու ալ արժանացան տղոց պարերը՝ պարուսոյց Թամար Եաշկիւչլիւքալի հսկողութեան ներքեւ։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան Լէա Մաղզալճըօղլու, Արտէն Զէյֆիեան, Ժեննա Կէօզ։

Քաղաքապետ Քերիմօղլու եւս արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Եշիլգիւղի հերթական սիրոյ սեղանին մասնակցութիւն բերած ըլլալու բերումով եւ մօտալուտ Ամանորի առթիւ յղեց բարեմաղթութիւններ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ եւս Նոր տարուոյ առթիւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ ու մաղթեց, որ մեր համայնքէն ներս տիրէ միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն։

Միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով սիրոյ սեղանը հասաւ իր աւարտին եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018