ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ս. Վարդանանց տօնի եւ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Ամբողջ դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շէնքն ալ յարդարուած էր պատշաճ ձեւով։ Հայերէնի ուսուցիչներ՝ Թաթիանա Պոստանի եւ Միշել Սամուրքաշի հսկողութեան ներքեւ, տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։ Յայտագրին առցանց հետեւելու հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ ծնողները։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի շնորհաւորական խօսքով։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022