ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ Ի ՆՊԱՍՏ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ընդունեց պոլսահայ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի դիւանադպիր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովի սկիզբին յայտնեց, որ փափաքած էր պոլսահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւս տեղեկութիւն տալ երկրաշարժի աղէտի յաղթահարման ու աղէտահարներու համար տարուած աշխատանքներուն մասին։
Յանուն Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին՝ ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ աղէտահարներու ի նպաստ կատարուած մարդասիրական աշխատանքներու մասին։
Խորհրդակցութեան մասնակիցները յայտնեցին, որ պոլսահայ միութիւնները եւս կը փափաքին յանձնառութիւն ունենալ այս մարդասիրական առաքելութեան մէջ։ Անոնց անունով արտայայտուեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, կը համակարգէ միջմիութենական յանձնախումբը։ Իր խօսքով՝ պոլսահայ միութիւնները պատրաստակամ են գոնէ մարդուժով զօրակցելու եւ այսպէսով իրենց նպաստը բերելու աղէտեալներու զօրակցութեան համար ձեռնարկուած նուիրական գործին։
Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները տեղեկացուցին, որ ցարդ յատկապէս Իսքենտէրունէն ու Վաքըֆլըգիւղէն՝ մեր համայնքի զանազան տարիքէ շուրջ 180 անդամներ ժամանակաւորապէս քաղաքս փութացած են երկրաշարժի արհաւիրքը թօթափելու համար։
Խորհրդակցութիւնը շարունակուեցաւ զանազան հարցերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներով։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց միութիւններու կողմէ ցուցաբերուած մօտեցումն ու պատրաստակամութիւնը, բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։