ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։

Սոյն հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ իրաւաբաններէն՝ համայնքային հաստատութեանց ընտրութեանց մասին վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, 2013 թուականին հրապարակուած էր շրջաբերական մը, ըստ որուն փոքրամասնութիւններու ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած էր, մինչեւ որ աւելի լաւ ու արդիական կանոնադրութիւն մը պատրաստուի։ Հետեւաբար, 2013 թուականէն ի վեր փոքրամասնութիւններ իրենց վաքըֆներէ ներս ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը չունէին։ Նոյն շրջագիծով, մեր համայնքային հաստատութիւնները եւս ընտրութիւն կատարելու ի վիճակի չէին։ Այս պատճառաւ, շուրջ ութ տարիէ ի վեր վարչական կազմեր, կամայ թէ ակամայ, կը շարունակէին իրենց պաշտօնները։

Վերջերս Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը վճիռ արձակած էր, որով չեղեալ յայտարարուեցաւ այն շրջաբերականը, զոր նոր ընտրութեան հնարաւորութիւն չէր տար։ Իրաւաբանները յայտնեցին, թէ Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին մօտ խնդրոյ առարկայ շրջաբերականներուն դէմ դատերը իրենք բացած էին։ Անոնք յայտնեցին, թէ հետեւողական երկարատեւ աշխատութեան որպէս հետեւանք, այսօր համայնքային կեանքէ ներս նոր շրջան մը պիտի սկսէր, քանի այլեւս նոր ընտրութիւններ կատարելու համար պայմանները թոյլատու էին։ Անոնք յայտնեցին, թէ այլեւս ընտրութեան ճանապարհը բացուած է եւ վարչական կազմերուն կը մնայ ընտրութիւն կատարելու պատասխանատուութիւնը։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին դատական գործընթացին մասին։

Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ուրախութեամբ ողջունեց Սեդրակ Տավութհանի եւ Սեպուհ Ասլանկիլի նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով յայտնեց, թէ համայնքը երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէր այդ հնարաւորութիւնը կրկին ձեռք ձգելու համար։ Ներկայ իրավիճակը ցարդ թէ՛ վարչայիններու եւ թէ ժողովուրդի մօտ նեղութիւններու դուռ բացած էր։ Վարչայիններէն ոմանք յոգնած ըլլալով, ոմանք ալ այլեւս նոր վարչայիններուն տեղ տալու տրամադրութեամբ կը սպասէին նոր ընտրութեան իրականացման։ Վերջերս տեղի ունեցած դատական վճիռը այս տեսակէտէ շատ արժէքաւոր զարգացում մըն է։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, որ վարչական կազմեր եւս լաւ օգտագործեն այս զարգացումը եւ ի մօտոյ ձեռնարկեն ընտրութեանց ու ժողովուրդը իր կամքը յայտնելու առիթն ունենայ։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս առիթով շնորհաւորեց ներկաները եւ իրենց ծառայութիւնը ու մաղթեց, որ այս զարգացումը ապագայի նկատմամբ յոյս ներշնչէ մեր համայնքի զաւակներուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021