ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ՝ ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան հերթական համագումարը։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած այս քաղաքական ուժի արդէն 7-րդ համագումարն էր այս մէկը։ Ընդհանուր ժողովը ընտրեց նաեւ կուսակցութեան ղեկավար մարմինները։
Երէկուան համագումարի արդիւնքով կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնին անդամ ընտրուեցաւ մեր համայնքէն դէմք մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկական դասուն մաս կը կազմէ։ Ան մեր համայնքի յարաբերաբար երիտասարդ գործիչներէն է եւ կուսակցութեան շրջանակները գնահատած են իր արժանիքները՝ քաղաքական գործունէութեան ներգրաւուելու տեսակէտէ։
Ինչպէս ծանօթ է, ԱՔ կուսակցութեան շարքերէն ներս երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալած էր հոգելոյս երեսփոխան Մարգար Էսաեան, որ կը վայելէր մեծ համակրանք։ Այժմ, ԱՔ կուսակցութեան գործադիր մարմնին մէջ ընդգրկուած է դարձեալ մեր համայնքէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որու առջեւ երեսփոխան դառնալու հորիզոնի ուրուագծումն ալ չի բացառուիր՝ շուրջ երկու տարի վերջ նախատեսուած ընտրութիւններուն ժամանակ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին։
ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Նախագահ Էրտողան կուսակցութեան երէկուան համագումարի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա բոլոր ջանքերը կը գործադրէ՝ ապահովելու համար պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան իրագործումը։
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը շնորհաւորեց կուսակցապետ վերընտրուելու կապակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղարկած շնորհաւորականին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, որ մեր համայնքէն ալ անձ մը՝ ի դէմս տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի, ընդգրկուած է ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնին մէջ։