ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի շրջանակէն ներս, լիսէներու մրցակցութեան մէջ Կեդրոնականի վոլէյպոլի խումբը դարձաւ ախոյեան։ Այս մրցաշարքի սկիզբէն ի վեր կեդրոնականցիներու ապահոված յաղթարշաւը երէկ հասաւ իր տրամաբանական աւարտին։ Պէյօղլու գաւառակի եօթ լիսէներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքի աւարտական փուլին կեդրոնականցիները առաւելութեան հասան իրենց մրցակցին՝ Պէյօղլուի «Անատոլու Իլահիաթ» վարժարանի խումբին դիմաց։ Մարմնամարզի ուսուցիչ Գամէր Տիւվենճիի հսկողութեան ներքեւ տղաքը լաւ ազդու խաղարկութիւն մը ցոյց տուին եւ այսպէսով արժանացան ոսկէ մետայլի՝ նուաճելով ախոյենութեան բաժակը։ Խաղի աւարտին կեդրոնականցիները Պէյօղլուի շրջանի երիտասարդաց ծառայութեանց ու մարմնամարզի տնօրէն Մեթին Ալպայրաքի ձեռամբ ստացան իրենց բաժակը։ Մինչ տղաքը մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեցին այս յաջողութիւնը, մարզասրահէն հասած լուրերը դպրոցէն ներս ալ արտասովոր ուրախութեան առիթ հանդիսացան։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանն ալ այս փայլուն յաջողութեան առթիւ մի առ մի շնորհաւորեց վոլէյպոլի խումբի տղաքը եւ իրենց մարզանքի ուսուցիչը։

Քասըմփաշայի «Օրպայ» վարժարանի մարզասրահէն ներս, երէկ, Կեդրոնականի վոլէյպոլի իգական սեռի խումբն ալ եզրափակիչ հանդիպումը ունեցաւ Իտալական վարժարանի խումբին հետ։ Կեդրոնականցի աղջինկներն ալ մրցաշարքին մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրելով բարձրացած էին աւարտականի։ Եզրափակիչ փուլին անոնք ալ յաջող խաղարկութիւն ցոյց տուին, սակայն, արդիւնքը իրենց դասընկերներուն բաղդատմամբ եղաւ քիչ մը աւելի տարբեր։ Վոլէյպոլի աղջիկներու խումբի անդամուհիները արծաթէ մետայլի իրաւունք շահեցան եւ ստացան նաեւ բաժակ՝ որպէս մրցաշարքի երկրորդը։ Անոնք եւս մեծ գնահատանքի արժանի դարձան՝ մարմնամարզի ուսուցիչ Գամէր Տիւվենճիի հսկողութեան ներքեւ իրենց արձանագրած յաջողութիւններով եւ մինչեւ վերջին պահը մրցակցութեան մէջ մնալու ընդունակութեամբ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք կեդրոնականցիներու այս փայլուն յաջողութիւնները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022