ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՄԵԾԱՐԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը երէկ մեծարեց իր վաստակաւոր վիճակաւորը՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանը։ Այս առթիւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Օրուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց Զէքիեան Գերապայծառ, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչ Գերապայծառի կողքին էին Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականաց դասու անդամները։
Չոլաքեան Գերապայծառ ներկայիս արդէն հատած է իննսուն տարեկանի սահմանը։ Ան կը քահանայագործէ շուրջ եօթանասուն տարիներէ ի վեր, իսկ արքեպիսկոպոսական ծառայութիւնը վարած է շուրջ կէս դար։ Այս բոլորին լոյսին տակ իրեն համար կազմակերպուած այս յոբելենական հանդիսութիւնը համախմբեց Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն բազում դէմքեր, որոնք փութացած էին իրենց երախտագիտական զգացումները արտայայտելու։ Յոբելեանի մասնակիցներու շարքին էին Գատըգիւղի քաղաքապետ Այքութ Մուհօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ իր օգնականը՝ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Տքթ. Արտաշ Ագտաղ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր։ Նկատի ունենալով, որ երէկուան յոբելեանը կը համընկնէր Հոգեգալստեան տօնին, Պատրիարքական Աթոռը չէր կրցած հոգեւորական մը ուղարկելու կարգադրութիւնը ընել։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարգադրութեամբ որպէս ներկայացուցիչ յոբելենական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։ Բաց աստի, Յոյն Ուղղափառ եւ Ասորի եկեղեցիներուն կողմէ ալ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Չոլաքեան Գերապայծառի յոբելեանին։
Երէկուան Ս. Պատարագի աւարտին Զէքիեան Գերապայծառ հանգամանօրէն արտայայտուեցաւ իր նախորդի երախտաշատ գործունէութեան մասին, մինչ ընթերցուեցան Վատիկանէն եւ Զմմառէն ուղարկուած շնորհաւորականներ։ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Չոլաքեան Գերապայծառին։ Այս վերջինն ալ խումբ մը մանուկներու փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ նուէրներով հանդերձ։ Այս փուլէն վերջ, ներկաները մի առ մի աջահամբոյրի համար մօտեցան Չոլաքեան Գերապայծառին, որուն յղեցին արեւշատութեան մաղթանքներ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Այս ճաշկերոյթն ալ անցաւ հաճելի ու ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ եւ Չոլաքեան Գերապայծառ առարկայ դարձաւ բոլորի յարգանքի եւ համակրանքի զգացումներուն։