Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի երկու ամիսը անգամ մը կատարած օժանդակութեանց շարքէն, 2021 տարեշրջանի երրորդ օժանդակութիւնը իրականացած է՝ մայիսի 18-ին։ 19 եկեղեցիներու մասնակցութեամբ կատարուած է 583 ընտանիքներու օժանդակութիւն։ Այսպէսով մայիս ամսուան ընթացքին բաժնուած են՝ 636 օժանդակութեան պարէնի տուփեր։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը մայիս ամիսէն սկսեալ ստանձնած է՝ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայազգի գաղթականներու եւս օժանդակութեան պատասխանատուութիւնը։ Այս շրջագիծով 47 ընտանիքներու (206 հոգի) օժանդակութիւն հասած է յանձնախումբի միջոցաւ։
Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021