ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍ

Գալֆաեան Տան 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը երէկ աւանդական հաւաքոյթով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Հանդէսի բացումին ելոյթ մը ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Ավճը։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը ինն հոգի է։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ ընթացաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը։ Անգլերէնի ուսուցչուհի Ժանին Հոքքաճը եւս շնորհաւորեց տղաքը, որոնց անունով խօսեցան՝ Արեգ Գազանճեան եւ Թալիա Չոփուրօղլու։

Սրտի խօսքերէն վերջ յանձնուեցան վկայականները։ Աշակերտներուն տրուեցան նաեւ յուշանուէրներ։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, դպրոցի համակիրներէն Մարգրիտ Աթմաճա, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ գործակից ընկերները, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ շրջանաւարտներու ընտանիքները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը, որու ժամանակ շրջանաւարտները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021