ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎԱՐՍԷՆ ՕՐՈՒՆՃԱՔՃԸԷԼԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի երէց սերունդի անդամներէն մին էր Վարսէն Օրունճաքճըէլ, որու արմատները կը հասնէր մինչեւ Արաբկիր, Մալաթիա։ Մասնաւորապէս անցեալի հայաբնակ գաւառներուն տեսակէտէ խորհրդանշական էր իր ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ յուղարկաւորութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու շուրջ էին բազմաթիւ հոգեւորականներ։ Հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի հարազատները եւ սիրելիները եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին՝ մատուցելու համար իրենց վերջին յարգանքը անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Յուզումնախառն այս մթնոլորտին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Վարսէն Օրունճաքճըէլի կեանքի յատկանշական երեսակներուն եւ դրուագներուն։ Յուղարկաւորութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պաղլարպաշըի Ս. Խաչ թաղամասի գերեզմանատունը՝ ուր ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։