ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Հայաստանի մէջ կեցութեան ընթացքին զանազան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներ տալով՝ անդրադարձած է Պոլսոյ Աթոռի իրադարձութիւններուն։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընդգծած է, որ լարուածութիւնը թուլացած է, հանդարտ իրավիճակ մը կը տիրէ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնած է, որ հաւանաբար յառաջիկայ Դեկտեմբերին տեղի ունենայ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ան թուարկած է նաեւ թեկնածուներու անուններ։ Բացի իր անունէն, Նորին սրբազնութիւնը թուարկած է՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի անունները։ Այս վերջինները արդէն վաղուց յայտնի են։ Սակայն նորութիւնը այն եղած է, որ տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքի թեկնածուներու շարքին թուարկած է նաեւ այլ անուններ՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան եւ Երուսաղէմի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Այս վերջինները թեկնածուներու շարքին կը դասուին՝ հաշուի առնելով, որ իրենց ծնողները Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ծնած են։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդգծած է, որ նոյն ձեւով կան այլ անուններ եւս։ «Թող գան, ես որեւէ խնդիր չունիմ, Աստուած թող տնօրինէ», ըսած է նորին սրբազնութիւնը ու մաղթած՝ որ հարցը լուծուի խաղաղութեամբ։

Միւս կողմէ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն այսօր վերադարձած է քաղաքս ու երկու օր վերջ կ՚ուղեւորուի դէպի Մարսէյլ։ Այժմու կանխատեսումներով տեղապահ սրբազան հայրը մինչեւ Օգոստոսի 8 պիտի գտնուի այնտեղ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2017