ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ «ԲԱՌ-ԽԱՂ»

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի աւանդական մրցոյթը։ Միջնակարգերու եւ լիսէներու դասաւորման մէջ ընդհանուր առմամբ 18 խումբ մասնակցեցաւ այս տարուան «բառ-խաղ»ին, որ կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։

Օրուան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Տղաքը մինչեւ կէսօրուան ժամերը մասնակցեցան «բառ-խաղ»ի աշխատանքին։ Կազդուրման կայանէն ներս բոլոր մասնակիցները կէսօրին միասնաբար ճաշեցին, իսկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Այս փուլին հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց Տայք Միսիսեան։ Լիզա Չոլաքօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց «բառ-խաղ»ի մասնակից համայնքային վարժարաններու խումբերուն եւ անոնց ուսուցիչներուն։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Էսաեան վարժարանի սաներէն Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն։

Հուսկ բանքը արտասանեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Միջնակարգերու դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան Մէրամէթճեան, Պէզճեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու խումբերը։

Լիսէներու դասաւորման մէջ յառաջատարները հանդիսացան՝ Էսաեան վարժարանի, Սահակեան-Նունեան վարժարանի եւ Մխիթարեան վարժարանի խումբերը։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Սօնա Մենթեշէին, որ այս խաղերու գաղափարը յղացած է։  

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019