Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր ելոյթ մը ունենալով աշակերտներուն հերթական անգամ յիշեցուց հայ տառերու, լեզուի եւ մշակոյթի կենսական նշանակութիւնը։ Օրուան յայտագրին ընթացքին տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, ընթերցումներով, հանելուկներով, նաեւ հայոց լեզուին նուիրուած երգերով։
Դպրոցէն ուղարկուած լուսանկարին մէջ կ՚երեւի հանդէսէն դրուագ մը։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018