ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան խանդավառ տօնակատարութիւններ։ Շուրջ մէկ շաբթուան վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ դպրոցէն ներս, աշակերտներուն մօտ ընդհանուր պատկերացում մը ձեւաւորելու համար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժման մասին։ Իւրաքանչիւր դասարան առանձին փուլերով կեանքի կոչեց իր յայտագիրը։ Նախագիծը կ՚ընդգրկէր նաեւ ընդհանուր հանդէս մը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու ունեցաւ ելոյթ մը։ Երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ այլ ելոյթներով բնորոշուած ծրագրին բոլոր մասնակիցները արժանացան ծափահարութիւններու, աշխատանքը վերահսկած կրթական մշակներով հանդերձ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023