ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 7-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ 100-ամեայ լիսէներու միջեւ լուսանկարչական մրցոյթ մը։ Աւանդական դարձած այս ծրագիրը ձօնուած է աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի։ «Իսթանպուլ» նիւթով կազմակերպուած այս մրցոյթի նպատակն է դիտարկել, թէ լիսէական երիտասարդները ինչպէս կ՚ընկալեն Իսթանպուլի դիմագիծը՝ իր յատկանշական կողմերով, ներառեալ թաղերը, ընկերային կամ մշակութային առանձնայատկութիւնները։ Դատակազմին մէջ էին Արա Կիւլէր, Գրիգոր Սահակօղլու, Ռեֆիք Աքեիւզ, Սեչքին Թերճան, Մանուէլ Չըթաք, Եաշար Սարաճօղլու եւ Սիլվա Պինկազ։

Երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի պարգեւատրման արարողութիւնը։ Նոյն առթիւ այս մրցոյթին ներկայացուած լուսանկարներով բացուեցաւ ցուցահանդէս մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուեցան Արա Կիւլէրի կեանքն ու գործունէութիւնը։

Այս տարուան առաջինը հանդիսացաւ Ալի Չաթալթեփէ (Ռոպերթ քոլէճ), երկրորդը՝ Լիտիա Օյափրոթօ (Իտալական լիսէ) եւ երրորդը՝ Լոռին Ալուչ (Սահակեան-Նունեան լիսէ)։

Մանսիոնի արժանի դասուեցան՝ Մինէ Կէօքչէն (Ռոպերթ քոլէճ), Ռիւյէթ Չոպան («Էօզտեմիր Սապանճը» Էմիրկեանի Անատոլու լիսէ) եւ Էրքան Քոզլու (Աւստրիական լիսէ)։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիզէթ Պայրամ Էրէնի։ Երաժշտական յայտագիր գործադրեցին՝ Մելինէ Թեմելճի, Լարիսա Փոյրազ, Ժըպտուն Կալիպօղլու եւ Արտէն Պօղոսեան։

Պարգեւատրման արարողութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018