ԱԼԻՍ ՇԱՀԻՆՕՂԼՈՒԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ սոփրանօ Ալիս Շահինօղլուի համերգը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն հասած Ալիս Շահինօղլուի համերգի ծրագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ թենոր Ճան Ռեհա Կիւն, սոփրանօ Ֆունտա Կիւլլիւ եւ դաշնակահարուհի Սիմթէն Շէնփոլատ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեան եւ երգչախումբի շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր։
Ալիս Շահինօղլուի համերգը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Ան երգացանկի բոլոր գործերը մեկնաբանեց բարձր մակարդակով եւ իր կատարումները ողջունուեցան բուռն ծափահարութիւններով։
Երեկոյթի աւարտին մինչ Ալիս Շահինօղլու եւ իր ընկերակիցները կ՚ողջունէին ունկնդիրները, բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեան, որուն յանձնուեցաւ ծաղկափունջ մը։ Եզրափակիչ փուլին Ալիս Շահինօղլու հանդէս եկաւ նաեւ շնորհակալութեան խօսքով մը, որու ընթացքին երախտագիտական զգացումներ արտայայտեց Վարդանանց երգչախումբին եւ Ատրուշան Հալաճեանի նկատմամբ։