ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի այս տարուայ հունձքը վերջին օրերուն աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով բոլորի ջերմ զգացումներուն եւ բարեմաղթութիւններուն։ Օրուայ հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցիչ Միշել Սամուրքաշ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչական կազմէն Թանիա Չիմէն եւ Սիպել Արբաճըք։ Շրջանաւարտներէն Աքսել Եազմաճը, Ռոպին Տանալը, Քայլա Թոփալմըղտըս եւ Օլիվիա Աչըքկէօզ սրտի խօսք արտասանեցին իրենց ընկերներուն անունով։ Դպրոցի այս տարուան յաջողագոյն շրջանաւարտներն են՝ Աքսել Եազմաճը, Նայիրա Էօճալ եւ Մինաս Տամար։

Շրջանաւարտութեան հանդէսին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ալէն Պիւյիւքէր, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։ Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շրջանաւարտները ծափահարութիւններով հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021