ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը նշէ իր ձեռնադրութեան տարեդարձը։ Երէկ նորին սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան 52-րդ տարեդարձն էր։ Աւելի քան հինգ տասնամեակ առաջ ան մուտք գործած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն ներս՝ որպէս հոգեւոր ծնող ունենալով տիրական անուն մը՝ երջանկայիշատակ մեր պատրիարքներէն Տրապիզոնցի Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանը, որու դրոշմը միշտ զգալի է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի արդի պատմութեան վրայ։ Երանաշնորհ Պատրիարքը իրեն անուանակից եկեղեցական մը ձեռնադրած էր՝ հոգեւոր ծառայութեան առաջնորդելով Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը (այդ ժամանակ Տիգրան սարկաւագ) եւ ան այսօր դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ ստանձնած է Պատրիարքական Աթոռին ղեկը ու կը փորձէ մեր համայնքի նաւը առաջնորդել խաղաղ նաւահանգիստ։

Յատկանշական զուգադիպութեամբ, իր քահանայական ձեռնադրութեան 52-րդ տարեդարձի շրջանին, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Հայաստանի մէջ օծեց երիտասարդ քահանայ մը։ Երէկ ալ, Գումգաբուի մէջ, նորին սըր-բազնութիւնը ձեռնադրութեան տարեդարձի օրուան զգացումները բաժնեց սահմանափակ շրջանակի մը մէջ։ Իրեն ուրախակից էր մանաւանդ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ այս շրջանին կը հանդիսանայ իր անմիջական գործակիցը։ Բոլոր անոնք, որոնք վերահասու դարձան այս տարեդարձին՝ որդիական սրտագին մաղթանքներով դիմեցին նորին սրբազնութեան՝ յղելով շնորհաւորութիւններ։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին ալ կը լրանայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեակը։ Այս փուլն ալ կարեւոր յոբելեան մը կը համարուի թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Ան քառորդ դար առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Ամենայն Հայոց Երանաշնորհ Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։

Այս առթիւ մենք եւս որդիաբար կը շնորհաւորենք տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը՝ իրեն մաղթելով արեւշատ ու երկար տարիներ եւ ծաղկուն գաւազան։

ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի մեկնի Մարսէյլ։ Տեղւոյն Սրբոց Թարգմանչաց Մայր տաճարէն ներս ան պիտի նախագահէ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի հիմնադրութեան յոբելեանին ձօնուած արարողութիւններուն։ Մարսէյլէ վերջ նորին սրբազնութիւնը պիտի մեկնի նաեւ Քէօլն՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմէն ներս կարգ մը գործերու համար։ Կը նախատեսուի, որ նորին սրբազնութիւնը քաղաքս վերադառնայ Օգոստոսի 8-ին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017