ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐ

Ե­րէկ, մեր հա­մայն­քը ապ­րե­ցաւ յու­զում­նա­խառն օր մը։ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Իր ան­ժա­մա­նակ մա­հը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռած էր վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն՝ անմ­խի­թար թող­լով իր ըն­տա­նիքն ու սի­րե­լի­նե­րը։ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի կո­րուս­տը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, սու­գի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Ծա­նօթ է, որ ան կո­ղա­կիցն էր յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար եւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի։ Գում­գա­բուի մէջ ան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն, մինչ յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը ա­ղօ­թե­ցին իր բա­րի հոգ­ւոյն լու­սա­ւո­րու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան նեն­ջի հանգս­տու­թեան հա­մար։

Նո­րոգ վախ­ճա­նեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ կուռ դամ­բա­նա­կան մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, վե­ղա­րա­ւոր­ներ եւ բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը շատ տպա­ւո­րիչ ձե­ւով կա­տա­րուե­ցան՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Վար­դա­նանց եւ Գում­գա­բուի Գող­թան դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րու խառն կազ­մին կող­մէ։

Լու­սա­շող տա­ճա­րին կեդ­րո­նը՝ դա­գա­ղը զե­տե­ղուած էր մա­հա­բե­մին վրայ, զար­դա­րուած սպի­տակ ծա­ղիկ­նե­րով։ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րո­ղու­թիւ­նը հա­զիւ բա­ւա­րա­րեց՝ ըն­դու­նե­լու հա­մար հոծ թի­ւով յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կուած էին մեծ ցա­ւով։ Բո­լո­րը Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ բե­րին ի­րենց եր­կիւ­ղած խո­նար­հու­մը, ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը եւ առ Աս­տուած ա­ղօթք բարձ­րա­ցու­ցին՝ ա­նոր ազ­նիւ հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին՝ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, գոր­ծա­րար ու մար­զա­կան աշ­խարհ­նե­րէն յայտ­նի ա­նուն­ներ եւ հան­գու­ցեա­լին բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում դէմ­քեր։ Բո­լոր յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին՝ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին, Մե­լի­սսա-Ա­լէն Պաղ ա­մո­լին եւ բո­լոր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն։

Իր դամ­բա­նա­կա­նին մէջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, որ ցա­ւերն ու տա­ռա­պանք­նե­րը ան­բա­ժա­նե­լի են մարդ­կա­յին կեան­քէն եւ իւ­րա­քան­չիւր անձ կը պայ­քա­րի այդ ան­խու­սա­փե­լի ցա­ւե­րուն ու տա­ռա­պանք­նե­րուն դէմ՝ կեր­տե­լու հա­մար իր եր­ջան­կու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Վեր­յի­շե­լով Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներն ու նկա­րա­գի­րը՝ դամ­բա­նա­խօս Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յատ­կա­պէս շեշ­տեց, որ ան ե­ղած էր տի­պար մայր մը։ Իր ան­ժա­մա­նակ մա­հուան պատ­ճա­ռած խոր ցա­ւով հան­դերձ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ը­սաւ, որ նոյ­նիսկ այս ե­րե­ւոյ­թին մէջ պէտք է մխի­թա­րու­թեան դրա­կան կող­մեր գտնել։ Ար­դա­րեւ, Աս­տուած ո­րո­շած է իր մօտ կան­չել Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լը՝ որ­պէս իր որ­դե­գի­րը։ Ըստ ի­րեն, հան­գու­ցեա­լի հո­գին ա­պա­հո­վա­բար կը խայ­տար՝ ի տես իր ա­ռար­կայ դար­ձած ծով սէ­րը։ Հուսկ, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ու մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին ա­նու­նով ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին եւ հան­գու­ցեա­լի բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն։

Ել­քի թա­փօ­րին նո­րոգ հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի դա­գա­ղին վրայ ա­ղօ­թեց նաեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կո­վբոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­ւար­տին Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի ան­շունչ մար­մի­նը հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Այս տխուր առ­թիւ կրկին երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի հոգ­ւոյն ու կը ցա­ւակ­ցինք Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին, Մե­լի­սսա-Ա­լէն Պաղ ա­մո­լին, Պաղ ըն­տա­նի­քին եւ հա­մայն պա­րա­գա­նե­րու­ն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016