«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ. ՊԻԹԼԻՍ ԵՒ ՄՈՒՇ»
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս լոյս ընծայած է «Պատմական քաղաքներ եւ հայերը. Պիթլիս եւ Մուշ» խորագրեալ գիրքը։ Ամերիկահայ յայտնի պատմաբան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ խմբագրուած այս գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Զիւլալ Քըլըչ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է «Արաս»ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ, իսկ կողքի ձեւաւորման հեղինակն է Արէտ Կըճըր։
Երբեմնի հայաշատ Բաղէշի եւ Տարօնի վերաբերեալ սպառիչ մանրամասնութիւններ ու բազմակողմանի տեղեկութիւններ կ՚ընդգրկէ այս գիրքը։ Պատմական եւ աշխարհագրական տեղեկութիւնները ճոխացուած են շարք մը խորհրդանշական լուսանկարներով, որոնք կը ցոլացնեն անցեալէն դրուագներ եւ դէմքեր։
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ խմբագրուած այս գիրքը կ՚ընդգրկէ շուրջ տասն գիտական յօդուածներ, որոնց հեղինակներն են՝ Ռապըրթ Հիւսըն, Նինա Կարսոյեան, Լեւոն Աղտոյեան, Սփերոս Ռայիոնիս, Ռապըրթ Թամսըն, Քրիստինա Մառանճը, Նոնա Մանուկեան, Թոմաս Սինքլըր, Վահրամ Շեմմասեան, Քրիստոֆըր Ուոլքըր եւ Տէյվիտ Սթեֆըր Քելըն։ Յօդուածներուն կցուած են քարտէսներ եւ այլ տեսողական առարկաներ։
Վերոյիշեալ գիտնականները Բաղէշն ու Տարօնը հանգամանօրէն ներկայացուցած են իրենց պատմական ամբողջին ու նշանակութեան մէջ։ Գիտական յօդուածները Տարօնը կը ներկայացնեն՝ որպէս վաղ շրջանի քրիստոնէութեան կեդրոն ու կու գան հասնիլ մինչեւ 1914-1916-ի շրջանը, որ կը բնորոշէ Տարօնի եւ Բաղէշի վախճանը։ Պատմութեան հոլովոյթին մէջ պատահածներուն վրայ աւելցուած է նաեւ ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի կողմէ դէպի Պիթլիս կատարուած յատկանշական, խորքին մէջ նաեւ նոյնքան պատմական ուղեւորութիւնը։
Ուսումնասիրական այս գործը ապահովաբար իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ հետաքրքիրներու գրադարանին մէջ։ Մինչ այդ, տեղեկացուած է նաեւ, թէ նոյն շարքին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ անցեալի հայաբնակ այլ քաղաքներու կամ շրջաններու վերաբերեալ նման աշխատութիւններ։