ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ԶՐԿՈՒԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻԷՆ

Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քէն բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մախմ­բուե­ցան յու­զում­նա­խառն հա­ւա­քոյ­թի մը առ­թիւ։ Այս­պէս, մաս­նա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը փա­կուե­ցան Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին դռնե­րը՝ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը ծա­ւա­լուի հսկայ շի­նա­րա­րու­թիւն մը։ Այդ շի­նա­րա­րու­թեան կա­տա­րուած տա­րած­քէն ներս կը գտնուէր նաեւ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան բուն շէն­քը, որ փլցուե­ցաւ ստի­պո­ղա­բար։ Ուս­տի միու­թիւ­նը հար­կադ­րա­բար կը գոր­ծէր այլ եր­դի­քի մը տակ։ Ան խարս­խուած էր Սիւ­լէյ­ման Նա­զիֆ փո­ղո­ցի ա­ռանձ­նա­տու­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ու­րեմն, այդ փո­ղո­ցէն ներս, փո­ղո­ցի ամ­բողջ եր­կայն­քով, քով քո­վի կա­ռու­ցուած ա­ռանձ­նա­տու­ներն ալ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի վե­րա­նո­րո­գուին ի հի­մա­նէ։ Ա­նոնց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի Մխի­թա­րեա­նի վա­նա­տան։ Ու­րեմն, մի­ջո­ցի մը հա­մար, հա­մա­նուն սա­նուց միու­թիւ­նը պի­տի զրկուի նաեւ իր ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­ւա­քա­տե­ղիէն։

Այդ շէն­քի վե­րա­նո­րո­գու­թեան ըն­դա­ռաջ, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ մխի­թա­րեան­ցի­ներ շա­բա­թա­վեր­ջին այն­տեղ հա­ւա­քուե­ցան վեր­ջին ան­գամ։ Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լո­րը։ Մթնո­լոր­տը թէեւ յու­զում­նա­խառն էր, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով բո­լո­րը կը գի­տակ­ցէին, որ աշ­խու­ժու­թեան գրա­ւա­կանն է՝ մխի­թա­րեան­ցի սա­նե­րուն միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քը, այլ ո՛չ թէ զուտ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րը։ Հարկ է յի­շեց­նել նաեւ, որ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը այս մի­ջան­կեալ շրջա­նին հնա­րա­ւո­րինս կա­յուն պա­հած է իր գոր­ծու­նէու­թեան թա­փը՝ շնոր­հիւ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նի գլխա­ւո­րած խում­բի ջան­քե­րուն։

Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով, շուրջ տա­րի մը վերջ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ նոր հա­ւա­քա­տե­ղի մը՝ դար­ձեալ վե­րո­յի­շեալ փո­ղո­ցի ա­ռանձ­նա­տու­նե­րէն մէ­կուն եր­դի­քին տա­կ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017