ՍԻՊԻԼ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լեց հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պի­լը, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նա­խա­րա­րը ջեր­մօ­րէն ու բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Սի­պի­լի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, որ միշտ դրա­կան ար­ձա­գանգ կը ստեղ­ծէ զա­նա­զան գե­տին­նե­րու վրայ ու մա­նա­ւանդ Թուր­քիոյ մէջ կա­րե­ւոր խորհր­դան­շան մը դար­ձած է՝ հայ­կա­կան ե­րաժշտու­թեան մա­սին։

Իր կար­գին, Սի­պիլն ալ զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Ար­մէն Ա­մի­րեա­նին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր ներ­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Նա­խա­րա­րը ան­կեղ­ծօ­րէն յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Սի­պի­լի ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017