ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ դպրո­ցին մէջ կան ե­րեք ման­կա­պար­տէզ­ներ, զա­նա­զան տա­րի­քէ մա­նուկ­նե­րու հա­մար։ Տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը փոք­րիկ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ա­նոնք ի­րենց յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուի եւ միւս կրթա­կան մշակ­նե­րուն ձե­ռամբ փոք­րիկ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վի­ճա­կա­ցոյց­նե­րը։ Վաս­տա­կա­ւոր ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Նել­լի Պաս­մա­ճեան եւ միւս կրթա­կան մշակ­նե­րը վե­րահս­կած էին այս հան­դէ­սին կազ­մա­կեր­պու­մը։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք եւ այլ հիւ­րեր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015