ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, 18-24 Մայիս թուականներուն այցելեցին Փորթուգալի Մետէիրա կղզին՝ մասնակցելու «R€*» խորագրեալ նախագիծի երրորդ ժողովին։ Նախագիծը, որ կ՚իրականանայ «Էրասմուս+» ծրագրին համար Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհով, առիթ դարձաւ, որպէսզի, շաբթուան մը տեւողութեամբ, աշակերտները դպրոցական ձեռնարկներու միջոցով տեղեկութիւններ փոխանցեն իրենց երկիրներու վերամշակման գործընթացներուն վերաբերեալ։
Հաւաքի առաջին օրը տարբեր երկիրներէ ժամանած աշակերտներ իրենք զիրենք ծանօթացուցին եւ ապա ներկայացուցին վերամշակեալ առարկաներով իրենց պատրաստած արտադրանքը։ Ներ-կայացումին ընթացքին, տեղական ձայնասփիւռի կայանը, ուղիղ հեռարձակմամբ, հարցազրոյցներ իրականացուց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։
Բացի աշխատանքէ, այցելութեան ընթացքին շրջապտոյտներ կազմակերպուած էին դէպի շրջանի տարբեր վայրերը։ Նախ, հիւրերը այցելեցին Քալհեթայի քաղաքապետին, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց քաղաքապետութեան աշխատանքներուն մասին։ Ապա անոնք այցելեցին շաքարի գործարանը, որ կ՚ապահովէ տարածքաշրջանի եկամուտին մեծ մասը։ Աշակերտները հետիոտն պտոյտով մը ծանօթացան Լաւատայի բնական ու տեսարժան վայրերուն, ինչպէս նաեւ Ֆունճալի շրջանի պատմական անցեալին ու մշակոյթին։
Աշակերտները, որոնք մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, նախագիծի հետագայ փուլերուն կատարելի աշխատանքները պիտի փոխանցեն իրենց ընկերներուն՝ նախապատրաստելով Նոյեմբերին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք միջոցառումները։