ՌԱՖՖԻ ԱԼԻՔԻ ԵՒ ՏՔԹ. ԱՐՄԱՆ ԳԱՄԱՌԻ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ նախկին ատենապետ տքթ. Արման Գամառ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեցին խմբագրութեանս հետ։ Մինչ Մխիթարեանի տարածքէն ներս կատարուած շինարարութենէն վերջ ստեղծուած խնդիրներուն վերաբերեալ՝ նախընթաց օրուան հաւաքոյթին զուգահեռ ստեղծուած արձագանգները կը շարունակուին, այդ նոյն հաւաքոյթին ժամանակ թերթիս ներկայացուցիչին կողմէ ուղղուած հարցին կապակցութեամբ Ռաֆֆի Ալիք եւ Արման Գամառ երէկ մեզի ներկայացուցին յաւելեալ մանրամասնութիւններ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախկին ատենապետը շեշտեց, որ նոր շէնքի վաքըֆին բաժին հասած հատուածի վարձակալութեան պայմանագրին կցեալ հինգ փաստաթուղթերու մանրամասնութիւնները ինք արդէն անմիջապէս պարզած է՝ հաւատարիմ մնալով երեկոյթի ընթացքին տուած խոստումին։ Ինչպէս արդէն ժողովի ընթացքին ալ ենթադրուած էր Արման Գամառի կողմէ, այդ կցեալ փաստաթուղթերուն բոլորն ալ ունին թեքնիք բնոյթ։ Այնտեղ խօսքը կը վերաբերի պայմանագրի ստորագրադիրներուն, լիազօրագիրներուն կամ անձնագրի պատճէններուն։ Այսինքն, իր խօսքով, հարցը ձեւական փաստաթուղթերու կը վերաբերի, դիւանակալական կամ թղթաբանական մանրամասնութիւններու մասին է՝ պատշաճութիւններուն ամբողջութեամբ հնազանդած ըլլալու համար։ Այսինքն, խնդրոյ առարկայ չէ որեւէ կցեալ կամ յաւելեալ փաստաթուղթ, որ բուն գործարքի համաձայնութեան խոտոր կը համեմատի կամ անոր գործադրութեան տեսակէտէ դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել եւ կամ ստորագրուած համաձայնութեան էութիւնը կրնայ երանգաւորել։
«Ես հաւաքոյթի ընթացքին ձեր հարցման ի պատասխան խոստացած էի փութով պարզել այդ կցեալ փաստաթուղթերու հանգամանքը։ Այս առաւօտ արդէն վարձակալներուն հետ շփման մէջ անցնելով ճշդեցի ձեր հարցուցածը եւ հիմա ալ իսկոյն այս լուսաբանութիւնները կը ներկայացնեմ ձեր նկատառման։ Անշուշտ, այժմու վարիչներն ալ այս բոլորը լաւ գիտեն, սակայն մեր պարագային որդեգրուած դիրքորոշման եւ մեզի հասցէագրուած պնդումներուն մէջ կայ դիտումնաւորութիւն», եզրափակեց Արման Գամառ։
Այս բոլորէն վերջ, Ռաֆֆի Ալիքի կողմէ ներկայացուած բացատրութիւնը շատ աւելի կարճ էր եւ յարաբերաբար ունէր ճշդումի բնոյթ։ Արդարեւ, երէկուան մեր լրատուութեան մէջ գրած էինք, որ Մխիթարեանը ներկայիս ունի 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակով պարտք մը, որու մէջ 1 միլիոն լիրայի համապատասխան գումարը թրքական լիրայի հիմունքով է։ Ռաֆֆի Ալիք մեզի յայտնեց, որ այստեղ կայ սրբագրութեան կարօտ կէտ մը։ Արդարեւ, հաստատութիւնը ունի 3 միլիոն ամերիկեան տոլար պարտք, որու վրայ կու գայ աւելնալ 1 միլիոն տոլարի համազօր թրքական լիրայի հիմունքով գումար մը։ «Այսինքն, մեր պարտքը ընդհանուր առմամբ ամերիկեան տոլարի հիմունքով կը կազմէ 4 միլիոն», յայտնեց Ռաֆֆի Ալիք։