ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններով յիշատակուեցան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիր եւ հովանաւոր պատրիարքները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկաներու շարքին էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան վարչութեան անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ վեր առաւ Կազդուրման կայանի առաքելութիւնը։ Ան նախ յիշեցուց, թէ կայանի նախաքայլերը նետուած էին Պոյաճըգիւղի մէջ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կողմէ, իսկ Գնալը կղզիի մէջ հաստատութիւնը զարգանալ սկսած էր Շնորհք Պատրիարքի կողմէ։ Յաջորդաբար հաստատութիւնը հովանաւորութիւնը վայելած էր նաեւ երանաշնորհ Գարեգին Գազանճեան եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Մութաֆեան պատիարքներուն։ Հաստատութեան հիմնական նպատակը եղած էր համայնքիս կարելիութենէ զուրկ պատանիները ի մի համախմբել եւ անոնց համար դառնալ ամրան բոյն մը։ Այս առումով, մեր Հոգեւոր Պետը սոյն առաքելութիւնը որակեց որպէս սիրոյ առաքելութիւն։ Անցեալին նիւթապէս կարող անձինք մտածած էին այլոց զաւակները եւ անոնց համար իրենց նիւթականն ու կարելիութիւնները սպաս դրած էին։ Հետեւաբար, կայանը դարձած էր Գնալը կղզիի ժողովուրդին աչքին բիբը։

Համավարակի սահմանափակումները դժբախտաբար արգելք եղած էին, որ մանուկներ կայանին հովանիին ներքեւ համախմբուին։ Մանուկներու ձայները դժբախտաբար երկու տարիէ ի վեր ակամայ անլսելի դարձած է համավարակի պատճառաւ։ Իբր այդ, յոյս յայտնեց, որ յաջորդ տարի համավարակի ազդեցութիւնը նուազի եւ կայանը վերստին իր հիմնադրութեան առաքելութեան գծով ծառայէ մեր համայնքի զաւակներուն։

Պատրիարք Հայրը գնահատեց նաեւ Արի Չոլաքի գլխաւորած Խնամատար մարմնի անդամները, որոնք իրենց երիտասարդական կորովով կը ջանան ծառայել կայանի ամրացման։ Բաց աստի, անդրադարձաւ նաեւ, թէ կայանը Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան հոգածութեան ներքեւ կը գործէ եւ այս առումով Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած խնամակալութեան անդամներուն թելադրեց, որ միշտ նիւթապէս ու բարոյապէս տէր կանգնին կայանի համայնքանուէր առաքելութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ընտանիքի կարեւորութեան եւ համայնքային կեանքէ ներս ընտանիքի կարեւորութիւնը շեշտեց ու ըսաւ. «Ընտանիքն է ամենէն փոքր եկեղեցին, ընտանիքն է ամենէն փոքր վարժարանը, ընտանիքն է ամենէն փոքր հիւանդանոցը եւ հետեւաբար զօրաւոր հաստատութիւններու համար կարիքն ունինք ամուր ընտանիքներու»։ Ան յայտնեց, թէ համայնքային հաստատութիւնները պէտք է նպաստեն ընտանիքներու եւ փոխադարձաբար ընտանիքներն ալ իրենց կարգին պէտք է տէր կանգնին հաստատութիւններու։ Մինչ այդ, Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերջերս ձեռնարկած ծրագրին, որով այն ընտանիքները որոնք  զաւակ ունենալու համար բժշկական միջամտութեան կը կարօտին, անոնց պիտի սատարեն։ 

Քարոզի աւարտին Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Կազդուրման կայանի հիմնադիրները, սատարողները, սպասաւորներն ու սաները։ Հոգեհանգստեան աղօթքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը եկեղեցականաց թափօրով եւ «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք Կազդուրման կայանի մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան, որ պատրաստուած էր համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդ մնալով։ Սիրոյ սեղանին կը նախագահէր Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Յարութիւն Աբեղան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարիչները, ինչպէս նաեւ Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ սիրոյ սեղանը, որ սկիզբ առաւ տնօրհնէքի արարողութեամբ։ Ապա խօսք առաւ Արի Չոլաք եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր ու իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի ան որպէս պատրիարք առաջին անգամ կ՚այցելէր Կազդուրման կայան։ Ան անցեալ շրջանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ եւ յայտնեց, թէ վարչութիւնը երիտասարդ անդամներով համալրուած է եւ անոնց ներդրումով կը ջանան համավարակի ներած չափով բաց պահել կայանի դռները։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին երիտասարդ անդամներէն Արփէն Չնար եւ Ատովմ Շաշքալ իրենք զիրենք ծանօթացուցին եւ իրենց սպասումներուն մասին արտայայտուեցան։

Բաց աստի, Յարութիւն Աբեղան եւս խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ան հովանաւորեց օրուան արարողութիւնները եւ իր ներկայութիւնը օրհնութեան առիթ եղաւ թէ՛ կղզիէն եւ թէ մասնաւորապէս Կազդուրման կայանէն ներս։ Ան եկեղեցւոյ եւ կայանի առաքելութեան անդրադառնալով՝ յայտնեց, թէ սակաւ թիւով անձերու մասնակցութեամբ կազմուած սիրոյ սեղանը, բառին վաւերական բուն իմաստով սիրոյ սեղանի վերածուեցաւ, քանի զանազաններ արտայայտուեցան ազատ ձեւով եւ սեղանակիցներ ունկնդրեցին զանոնք։

Հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւն յայտնեց, քանի համավարակի շրջանին առիթ ստեղծուեցաւ համախմբուելու, զրուցելու եւ սրտակիցներ դառնալու։ Այս առումով, երիտասարդներու ներկայութիւնը որպէս յուսադրիչ երեւոյթ ներկայացուց։ «Անոնց ներկայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երիտասարդները ըսելիքներ եւ ընելիքներ ունին համայնքային կեանքէ ներս», ըսաւ ան ու մաղթեց, որ համավարակի շրջանը դառնայ վերապատրաստութեան եւ վերամշակումի առիթ, որպէսզի այս շրջանին յաջորդեն լաւ ծրագրուած գործունէութիւններ ու աշխատութիւններ։ Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած աղօթքով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021