50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Իսթանպուլահայ կրթական համակարգէն ներս Ուսուցչաց հիմնարկը առանձնայատուկ առաքելութեամբ օղակ մըն է եւ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Մեր կրթական կեանքի ծով խնդիրներու պայմաններուն ներքեւ յաճախ կը հարցաքննուի անոր գորունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, երբեմն քննադատութիւններ կը հասցէագրուին, սակայն վերջին հաշուով իրողութիւնը այն է, որ Ուսուցչաց հիմնարկը կը դասուի մեր կրթական կեանքի մղիչ ուժերու շարքին։
Ինչպէս ծանօթ է, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ամէն տարի Դեկտեմբերին կը նշէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Սա առիթ մը կը հանդիսանայ ոգեկոչելու համար անոր երախտաշատ հիմնադիրները, սատարողներն ու սերունդներ կերտած մեր կրթական մշակները, որոնք այսօր կը գտնուին անդենականի մէջ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեան ներքեւ այս տարի եւս Ուսուցչաց հիմնարկը Դեկտեմբերին Ս. Պատարագով եւ անոր յաջորդելիք հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր ընկերները 50-ամեակի յոբելենական հանգրուանին առիթով մշակած են աւելի ճոխ ծրագիր մը, ինչ որ կեանքի պիտի կոչուի 2016-ի առաջին ամիսներուն։ Այսպէս, յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որ պիտի համախմբէ մեր կրթական համակարգի սպասաւորներն ու համայնքային շրջանակները, որոնք հաղորդ պիտի դառնան 50-ամեակի առթած ուրախութեան։
Ի լրումն այս բոլորին, հիմնարկի վարչութիւնը որոշած է նաեւ 50-ամեակին առթիւ հրապարակել յոբելենական գրքոյկ մը։ Այս յուշամատեանին նախապատրաստական աշխատանքները արդէն բաւական հասունցած են։ Գործը կ՚ընթանայ հիմնարկի սիւներէն Արամ Գամպուրեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Որպէս վարչութեան երիցագոյն անդամ՝ Արամ Գամպուրեան բծախնդրութեամբ յառաջ կը տանի բոլոր պատրաստութիւնները՝ ի սպաս դնելով իր պաշարը, յիշողութիւնը եւ բազմակողմանի փորձառութիւնը։ Այս գրքոյկը, անտարակոյս, մնայուն գործ մը պիտի ըլլայ եւ լուրջ նշանակութիւն պիտի ունենայ Ուսուցչաց հիմնարկի կէս դարուան գործունէութեան արժեւորման տեսանկիւնէն։
Այժմէն կը շնորհաւորենք Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք նախատեսուած ձեռնարկներուն համար։