«Պիտի թարմացնենք նախապէս եղած դիմումները»
«ՊԻՏԻ ԹԱՐՄԱՑՆԵՆՔ ՆԱԽԱՊԷՍ ԵՂԱԾ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ»
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «Յատուկ թեքստ մը պիտի պատրաստենք յառաջիկայ շրջանին։ Հոգեւորականաց համագումարի զեկոյցն ալ պիտի կցենք այդ մէկուն եւ պետութեան մօտ դիմում պիտի կատարենք։ Նախապէս կատարուած դիմումները այսպէսով թարմացուած պիտի ըլլան։ Թէ ի՞նչ պիտի տնօրինեն պատկան իշխանութիւնները. այս պահուն չենք գիտեր։ Մենք դիմումը պիտի կատարենք ու պիտի սպասենք Ներքին գործոց նախարարութեան տնօրինութեան»։
«ԲՈԼՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ»
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ. «Եկեղեցականաց համագումարին զեկոյցը նամակի մը կցելով պիտի ներկայացնենք դիմում մը։ Այլեւս յաղթահարուած պիտի ըլլան նախապէս կատարուած երկու դիմումներուն հակասութիւնները։ Երբ որ Մեսրոպ Պատրիարքի համար դատական որոշումով խնամատար մը նշանակուեցաւ՝ հաշուի առնուեցաւ նաեւ դատաբժշկական տեղեկագիրը։ Այսինքն, դատական իշխանութիւնները այդ տեղեկագիրը օգտագործելով՝ վերահաստատեցին, թէ գահակալը ի վիճակի չէ պաշտօնավարելու։ Սա կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ պատրիարքին կողմէ կատարուած ուխտը նաեւ պետական երդում մըն է։
Մենք Կրօնական Ժողովին նամակ մը յղելով փորձեցինք այս գործին սկիզբը դնել։ Խնդիրը մեր նախաձեռնութեամբ եկաւ Կրօնական Ժողովի օրակարգին վրայ։ Արամ Սրբազանն ալ ընթացք տուաւ։ Միաձայնութեամբ որոշում առնուեցաւ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ առկայ վիճակին մէջ բոլորէն աւելի կ՚ազդուի ու կը մաշի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցականաց համագումարն ալ միաձայնութեամբ որոշում առաւ։ Մեսրոպ Պատրիարք այլեւս անցած է պատմութեան։ Պիտի ընտրենք ուղղակիօրէն մեր 85-րդ պատրիարքը։ Այլեւս ո՛չ մեր համայնքէն, ո՛չ ալ արտասահմանէն ոեւէ մէկը կրնայ այպանել մեր հոգեւորականաց դասը։ Որովհետեւ մենք ըրած ենք մեզի վիճակածը եւ շարունակութիւնը կախում ունի պետութենէն»։
«ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ»
ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «Կը մաղթեմ, որ Եկեղեցականաց համագումարի որոշումը բարեբեր ըլլայ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Մեր համայնքը պէտք ունի ոչ թէ փոխանորդի մը, այլ իսկական պատրիարքի մը։ Անկարելի է պատնէշել ժողովուրդը եւ Եկեղեցականաց համագումարը այս որոշումով առած է ժողովուրդին ընդառաջ քայլ մը։ Կարեւոր չէ, որ ո՛վ պիտի ըլլայ նոր պատրիարքը։ Մեր ժողովուրդին վստահութիւնը պէտք է վերահաստատուի Պատրիարքական Աթոռին, նաեւ մեր բոլոր համայնքային հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Մենք փոքրաթիւ հաւաքականութիւն մը կը հանդիսանանք, իսկ մեր համայնքը այս պահուն պառակտուած է լրջօրէն։ Կարիքը կը զգանք պատրիարքի մը, որ մեր համայնքը պիտի համախմբէ իր շուրջ։ Մեզի կը մնայ մաղթել, որ արդիւնքը ըլլայ մեր ժողովուրդի փափաքներուն համահունչ։ Մեր ղեկավարման դրութիւնը ընդհանրապէս կը կաղայ այս շրջանին ու անհրաժեշտ է կամք ցուցաբերել խնդիրները լուծելու համար։ Նոր պատրիարքը, հոգեւորականները պէտք է աշխարհականներուն հետ համագործակցաբար ընթանան եւ այսպէսով մեր համայնքային կեանքի դժուարութիւնները կրնան յաղթահարուիլ»։