ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս խան­դա­վառ հան­դէ­սով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Գի­րե­րու գիւ­տի 1611-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ դպրո­ցէն ներս կեան­քի կո­չուե­ցաւ ծրա­գիր մը, ո­րուն շնոր­հիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Ռո­պին Աբ­րա­հա­մօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուած ծրագ­րին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուե­ցան՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, Աս­տուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ այլ ա­ռանց­քա­յին դէպ­քեր։ Այդ բո­լո­րը յաչս ա­շա­կեր­տու­թեան բիւ­րե­ղա­ցան թա­տե­րա­խա­ղե­րով, պա­րե­րով, խմբերգ­նե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուն ալ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րով ար­ժե­ւո­րեց տօ­նին նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ գնա­հա­տեց հան­դէ­սին առ­թիւ տարուած աշ­խա­տան­քը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Եւ­գի­նէ Ին­ճի­տիւ­զէն, Նել­լի Պար­սա­մեան եւ Թա­մար Ման­կա­սա­րեան։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեանն ալ ար­տա­սա­նեց շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօսք մը։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Գրի­գոր Ա. Քահանայ Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, Տիկ­նանց կազ­մի ա­տե­նա­պե­տու­հի Վեր­ժին Պիւ­քիւ­ճեան, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր, ո­րոնց հա­մար սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016