ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ Մուրատ Չաքանը, Նուարդ Պարընը եւ Եւգինէ Վանլըօղլուն։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ սիրոյ սեղան մը պիտի սարքուի ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ լուսաբանութիւններ փոխանցելու համար։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նշեցին, որ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս տարի ունի հարիւր աշակերտ։ Աշակերտութեան թիւին մէջ անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ մանկապարտէզի աշակերտներու թիւը կը հասնի շուրջ երեսունի։ Այս տուեալը ներկայ կրթական շրջանի սկիզբին ալ արժանացած էր մեր համայնքի ուշադրութեան։ Թաղականները մատնանշեցին, որ իրենք լուրջ ջանքեր կը գործադրեն՝ որպէսզի հեռաւոր թաղերու բնակիչ մեր համայնքի ընտանիքներու զաւակները յաճախեն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Արդարեւ, Թոփգաբուի ընտանիքը դպրոց յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտին հետ ուղղակի աշխատանք կը տանի։ Սա մեծ գործ մըն է եւ հաշուի պէտք է առնել, որ Թոփգաբուի պարագային տարուած աշխատանքը միայն աշակերտներով չի սահմանափակուիր։ Արդարեւ, թաղականները կը ջանան այնպէս մը ընել, որ ծնողներն ալ ձեւով մը համայնքային կեանքի մասնակից դարձնեն՝ իրենց զաւակներու հայկական վարժարան յաճախելու հանգամանքը օգտագործելով։ Այս առումով Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը ունի բացառիկ, առանձնայատուկ առաքելութիւն մը մեր կրթական համակարգէն ներս։

Ինչպէս ծանօթ է, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը երկար տասնամեակներէ ի վեր նիւթական փխրուն հաւասարակշռութիւններով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Այս տարի եւս Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան՝ որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաքելութիւնը պահուի կայուն հունի մը մէջ եւ այս բանին նախապայմանն ալ, անշուշտ, շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան արդիւնքին արդարացումը կը համարուի։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018