ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԹՐԻՔ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այս տարի եւս Ամանորի առթիւ մասնաւոր ճաշասեղան մը սարքեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի։ Հոգաբարձուները, բժշկապետը, վարչայիններ, պաշտօնէութեան ներկայացուցիչներ, բոլորը ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ համախմբուած շրջապատեցին մնայուն բնակիչները, որոնք տարի մը եւս միասնաբար դիմաւորելու ուրախութիւնը ապրեցան։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։

Հուսկ, բոլորը շնորաւորութիւններ փոխանակեցին, իրարու համար բարեմաղթանքներ ըրին եւ անսասանութիւն մաղթեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, որ բոլոր մնայուն բնակիչներու համար կ՚ապահովէ ջերմ եւ ամուր երդիք մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024