ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն ներս ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը։ Դպրո­ցի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ ու­սուց­չաց կազմն ալ բաժ­նե­ցին ծրագ­րի մաս­նա­կից՝ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի սա­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ա­նոնք մաս­նա­ւոր զգեստ­նե­րով ու դի­մա­յար­դա­րու­մով, նաեւ դի­մակ­նե­րով տո­ղան­ցե­ցին եւ խան­դա­վառ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցին ի­րա­րու հետ։ Հտպիտ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ ա­նոնք զուար­ճա­ցան յա­տուկ խա­ղե­րով։

Խրախ­ճան­քի ա­ւար­տին բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նաեւ յու­շա­նուէր­ներ։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017